Հայաստան միացած է «Ներմուծման խթանման գրասենեակ» գերմանական հարթակին, ուր հայաստանցի արտահանողները հնարաւորութիւն կ'ունենան հանդիպիլ Գերմանիոյ խոշորագոյն ներմուծողներուն հետ:
Այս մասին տեսանիւթով յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:
«Հայկական ապրանքներու մուտքը գերմանական շուկայ էապէս պիտի հեշտանայ»,- նշած է Պապոյեան։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի՝ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ ձեռք բերուած է կարեւոր պայմանաւորուածութիւն, ըստ որու՝ Հայաստանը ներառուած է «Ներմուծման խթանման գրասենեակ» (Import Promotion Desk – IPD) նախաձեռնութեան գործընկեր երկիրներու ցանկին մէջ։