Ուրեմն կը շարունակենք գլխագրումի բնաբանը:
1. Կը գլխագրուին աշխարհագրական տարածք ցոյց տուող բարդ անուններու բոլոր բաղադրիչները.
--Փոքր Ասիա, սակայն՝ փոքրասիական
--Մերձաւոր Արեւելք, սակայն՝ մերձարեւելեան
--Ծայրագոյն Արեւելք
--Միջին Ասիա, սակայն՝ միջինասիական
--Վերին Եգիպտոս, Ստորին Եգիպտոս[1]
--Հարաւային Արաբիա, սակայն՝ հարաւարաբական
--Հարաւային Ամերիկա, սակայն հարաւամերիկեան
--Հարաւային Ափրիկէ, սակայն՝ հարաւափրիկեան
--Արեւմտեան Հայաստան կամ Արեւմտահայաստան, արեւմտահայկական
--Արեւելեան Հայաստան կամ Արեւելահայաստան, արեւելահայկական
Արշակունի, մխիթարեան եւ նմանները չեն գլխագրուիր իբրեւ անհատական անուն. օրինակ՝ «Երկու մխիթարեաններ կը փորձէին ուղղել մեր սխալները»: Ասոնք կը գլխագրուին երբ կ’ակնարկեն այդ անունները կրողներու ամբողջութեան.
--Արշակունիները տուին մեր լաւագոյն թագաւորները:
--Մխիթարեաններուն կը պարտինք մեր վերահայացումը:
Տօնական օրերերու անունները առանձնաբար կը գլխագրուին, օրինակ՝ Ծնունդ, Զատիկ, Համբարձում, Հոգեգալուստ... ասոնք իբրեւ բառակապակցութիւն կու տան՝ Սուրբ ծնունդ, Սուրբ զատիկ, Նոր տարի, Մեծ պահք եւ այլն:
Կրնայ պատահիլ, որ նոյն անունը գրուի երկու տարբեր ձեւով իր շարադասութեան բերումով. օրինակ՝ Տրդատի դուռ, որ կամար մըն է Էջմիածնի բակին մէջ, եւ Դուռն Տրդատայ. Առաջինը աշխարհաբարեան արտասանութիւնն է, երկրորդը՝ գրաբարեան:
2. Կը գլխագրուին ժամանակակից կայացած տէրութեանց կամ գերտէրութեանց անուններու բոլոր բառերը. ինչպէս՝
--Միացեալ Նահանգներ (ՄՆ)
--Ռուսական Դաշնութիւն(ՌԴ)
--Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ)
--Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն (ԱՄԷ):
Չեն գլխագրուիր պատմական տէրութեանց անունները.
--Հռոմէական կայսրութիւն
--Բագրատունեաց հարստութիւն
--Օսմանեան տէրութիւն:
3. Միայն առաջին բառը կը գլխագրուի հոգեւոր կառոյցներու եւ նստավայրերու, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ վերացական հասկացութիւններ.
--Հայ առաքելական եկեղեցի
--Հայաստանեայց (Հայց.) առաքելական սուրբ եկեղեցի
--Ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցի
--Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան թեմ
--Կաթողիկէ եկեղեցի
--Եհովայի վկաներ
--Աւետարանական եկեղեցի
--Առաքելական եկեղեցի
--Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ
--Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին
--Սուրբ Էջմիածին Մայր[2] աթոռ (կամ՝ տաճար)
--Մեծի տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռը
Ծանօթ.− Աթոռ բառը կը գլխագրենք, երբ ան կ’անձնաւորուի եւ կը փոխարինէ ամբողջ բառակապակցութիւնը. օրինակ՝ «Աթոռս որոշեց սրբագործել անոր անունը»:
4. Չեն գլխագրուիր աշխարհիկ եւ հոգեւոր տիտղոսները.
--նախարար, վարչապետ, նախագահ
--եպիսկոպոս (եպս.), կաթողիկոս (կթղ.), ծայրագոյն վարդապետ (ծվ.)
--քահանայ (քհն.), քահանայապետ, պատուելի, վերապատուելի
--մոլլա, խախամ, քուրմ, քրմապետ, սուրբ, սրբուհի
Օրինակ՝ սուրբ Ներսէս Շնորհալի, սրբուհի Հեղինէ:
Գլխագրումը կը ջնջէ տուեալ տիտղոսին բառային նշանակութիւնը. օրինակ՝ Սուրբ Հեղինէ-ն կղզիի մը անունն է, այլ խօսքով՝ նիւթ մըն է. Սուրբ Նշան՝ անունն է համապատասխան քարաշէն դպրոցին կամ եկեղեցիին: Սակայն սուրբ Հեղինէ-ով կ’ակնարկուի Կոստանդիանոս կայսեր մօրը, որ իր կեանքով ու գործունէութեամբ ճանչցուած է իբրեւ սրբուհի, եւ սուրբ Նշան՝ այն հայ երանելին է, որ կը կրէ այս անունը եւ ունեցած է համապատասխան վարք ու կենցաղ:
5. Չեն գլխագրուիր կրօնական, քաղաքական, գաղափարական, կուսակցական, ազգային ու լեզուական պատկանելութիւն ցոյց տուող բառերը.
--քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ
--միապետական, հանրապետական,
--աջակողմեան, ձախակողմեան, յառաջդիմական, ժողովրդավար
--հնչակեան, դաշնակցական, ռամկավար-ազատական
--հայ, յոյն, արաբ, ֆրանսացի
--հայերէն, ֆրանսերէն, չինարէն
Ծանօթ.− Արեւմտեան կարգ մը լեզուներ կը զանազանեն ազգութիւն ցոյց տուող բառերեը, քանի որ այդ նոյն բառերը ցոյց կու տան նաեւ անոնց լեզուն. օրինակ՝ Français-français, English-english: Հայերէնը չունի այս շփոթը, քանի կ’ըսէ՝ հայ-հայերէն, յոյն-յունարէն...
Մրցոյթ 123.
***Վերաշարադրել հետեւեալները.
---Հարաւի լիբանանեան ուժեր(ը) դրուեցան ահազանգային վիճակի մէջ:
---Բացի անկէ՝ տնկարանը արդէն համալրուած է բարտիի 15.000 կտրօններով:
---Զաքարեան ինքզինք պախարակած է այդքան բաց գրելուն համար:
---Պահանջուած է յարգել 2022-ի հանդիպման յանձնառութիւնները:
---Համայնքի առաջնորդները առիթ ունեցան ազատօրէն շփուելու իրար(ու) հետ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Լեւոն Շառոյեան (8), Եփրեմ Թnքճեան (4):
Մրցոյթ 124.
***Մէկ նախադասութեամբ ըսէ իւրաքանչիւր զոյգը.
---Արան կաքաւ մը որսաց:
Արան արտոյտ մը որսաց:
---Արան կաքաւ մը որսաց:
Շահէն արտոյտ մը որսաց:
---Արան կաքաւ մը որսաց:
Շահէն կաքաւ մը որսաց:
***Վերաշարադրէ հետեւեալները.
---Արցախի ինքնիշխան շրջանները կը գտնուին ատրպեյճանական աքցանին միջեւ:
---Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դանդաղ կերպով կ’ընթանայ:
Արմենակ Եղիայեան
[1] Ասոնք աշխարհագրական ինքնուրոյնութիւն ստացած եւ վաղ անցեալին անջատ թագաւորութիւն դարձած բաժանումներու անուանումներ են:
[2] Սա միակ պարագան է, ուր Մայր-ը կը գլխագրենք այն տրամաբանութեամբ, որ ան կը բնորոշէ Հայաստանի հողին վրայ հաստատուած առաջին աթոռը եւ առաջին տաճարը: