image

Հայերէնը կը զուարճանայ (117)

Հայերէնը կը զուարճանայ (117)

           1.Ուխտադրոյժ եւ մասամբ նորին

          Իմ  վերջին առաքումիս մէջ ափսոսանքով անդրադարձած էի «Պայքար»-ի վաղեմի խմբագրապետի մահուան  եւ նշած էի այդ կորուստի առաջին հետեւանքներէն մէկը, որ էր արագիլի շփոթը...կռունկին հետ, եւ ահա չուշացաւ...երկրորդը եւս:

            Յակոբ Աւետիքեանի, «վասն խմբագրականի»  արեւմտահայերէն յօդուածին մէջ, քանի մը անգամ հանդիպեցայ ուխտադրոյժ բառին՝   ոյժ վերջաւորութեամբ:

            Եւ զարմացայ, որ Աւետիքեան  այս ուղղագրութեամբ գրած ըլլայ յիշեալ բառը, որովհետեւ միշտ ալ  բարձր համարում ունեցած եմ իր արեւմտահայերէնագիտութեան վրայ, որ շատ  վարժ ու սահուն կը գրէ, թէեւ անդին, չես գիտեր ինչո՛ւ, ուրիշ բան կը ստացուի, երբ արեւելահայերէն կը գրէ... արեւելահայու ոճով, ամէն տեսակ օտարաբանութան առջեւ լայն բանալով մտքին հորիզոնները, օրինակ՝ «իմիջ», եւ  շատ աւելի թոյլատու գտնուելով  իր արեւելահայ աշխատակիցներուն հանդէպ, որոնք արդէն ոչ մէկ չափ ու սահման  եւ... սանձ  կը ճանչնան՝ ապականելու մեր լեզուն՝ իր իսկ   անտարբեր հայեացքին տակ, հոն ուր կ’ակնկալես, որ Հայաստան հաստատուած արեւմտահայը քիչ մը հայերէն սորվեցնէ արեւելահայուն:

            Անցնինք:

            Օր մը ետք ստացայ «Զարթօնք»-ի հերթական թիւը, որ կը բովանդակէր նոյն յօդուածը, եւ առաջին  մտածումս եղաւ  հաստատել ուխտադրոյժ-ին ուղղագրութիւնը, եւ զարմանքով նկատեցի, որ այստեղ ճիշդ գրուած է ան՝ ուխտադրուժ. սա ի՛ր կարգին զարմացուց զիս,  քանի  չէի ակնկալեր, որ  այս էջերուն վրայ նման սխալ մը նշմարուած ու մանաւանդ...սրբագրուած ըլլար, որովհետեւ «Զարթօնք»-ը նման մանրուքներու կարեւորութիւն տուողը չէ:

            Ու ի վերջոյ թափ տալով արեւմտահայու... վառ երեւակայութեանս,− դուք հասկցէք՝ պայծառ,− բացի «Ազգ»-ը, ուր  նոյն յօդուածը լոյս տեսած էր արեւելահայերէն, իսկ -դրուժ արմատը ամէն տեղ  ճիշդ արձանագրուած էր: Եւ յստակացաւ ամէն բան. ուրեմն դրուժ-ը «Պայքար» փոխադրուելով դարձած է...դրոյժ: Այստեղ նստող արեւմտահայերէնագէտ մը որոշած է, որ այս արմատը արեւելահայերէն կը գրուի դրուժ, իսկ արեւմտահայերէն...դրոյժ:

            Այսպիսի արեւմտահայերէնագէտ կը գտնուի  քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ՝ Հայաստանի:

            Արդարեւ, տարիներէ ի վեր  այստեղ կը գործէ  արեւմտահայերէն եւ մեսրոպեան  ուղղագրուիւնը կիրրակող  կայք մը:

            Անշուշտ ամէն տեսակէտով  ուրախալի երեւոյթ է. մէկ կողմէ  տեղացիներուն թոյլատւութիւնը, միւս կողմէ  մերոնց նախանձախնդրութիւնը՝ կառչելու արեւմտահայերէնին:

            Ուրեմն առիթով մը նկատել տուի խմբագրութեան, որ խորագրերուն միայն առաջին բառին առաջին տառը գլխագրեն, իսկ մնացաեալը գրեն փոքրատառով. այսինքն չգրեն՝ «Կրթական Տարին Կը Հասնի Իր Աւարտին» զազրելի ուղղագրութեամբ,  այլ գրեն՝ «Կրթական տարին կը հասնի իր աւարտին»:

            Չուշացաւ հանճարեղ պատասխանը. «Արեւմտահայերէնը այսպէս կը գրուի»: Հապա՜...

             2.Օրուայ-օրուան

            Սրտցաւ բարեկամ մը կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը մտածեմ  այս ... շփոթին մասին:

            Հայերէնը    -ուայ հոլովումը յուշող կամ թելադրող աւանդոյթ չէ ունեցած.  ունեցած ենք -ուան, որ յատուկ է աշխարհաբարին:

            Բայց ահա արեւելահայերէնը կ’ըսէ օրուայ (օրվա), մինչ արեմտահայ դպրոցը կը սորվեցնէ օրուան, սակայն անդին զգալի հակում մը կայ ըսելու նաեւ օրուայ:

            Ինչպէ՞ս բացատրել եւ լուծել այս թնճուկը:

            Արեւելահայերէնի պարագան  բացատրելի  է հետեւեալ ձեւով.

            Մեր այս  բարբառը կը փորձէ զանազանել սեռական ու տրական հոլովները. առ այս կ’ըսէ՝ ծառի-ծառին, քաղաքի-քաղաքին, գրքի-գրքին, ուր առաջինները՝ սեռական են, երկրորդները՝ տրական: Արեւելահայ դպրոցականին կը բացատրուի, թէ օրուայ ձեւը յօդազուրկ է, ինչպէս կը պահանջէ սեռականը, իսկ վաղուան ձեւը, որ տրական կը դաւանի, յօդաւոր է. ուրեմն՝  ն բաղաձայնը իբրեւ յօդ կը ներկայացուի:

            Նոյն արեւելահայերէնը կ’ըսէ՝ քաջութեան-քաջութեանը, ուր առաջինը կ’ըմբռնուի իբրեւ սեռական, երկրորդը՝ իբրեւ տրական: Մինչ արեւմտահաերէնին համար քաջութեան հաւասարապէս սեռական ու տրական է, եւ արեւմտահայ դպրոցականին կը թելադրուի, որ  խուսափի  յօդաւոր քաջութեանը ձեւէն, որ շատ խորթ պիտի հնչէր արեւմտահայ մտածողութիւն ունեցողին ականջին:

            Գալով  մեր մեկնակէտին՝ ապա կարելի է մտածել, որ օրուայ ձեւը որոշ չափով հետեւանք է արեւելահայերէնի ազդեցութեան, որ այսուհետեւ  իրերու բնական բերումով պիտի հետզհետէ աւելնայ: Կայ սակայն աւելի խորքային պատճառ մըն ալ:

            Աշխարհաբարը հակում ունի ջնջելու բառավերջի ն բաղաձայնները. օրինակ՝ զմելին-զմելի,  ապարանջան-ապարանջա(յ),  աղջկան-աղջկայ, եօթն-եօթ, տասն-տաս,  այեւ  դառն-դառը, խառն-խառը, սառն-սառը  եւ այլն:

            Այսօր ոչ մէկը կ’այպանենք զմելի ըսելուն, եւ անտարբեր ենք արեւելահայու եօթ-ին:

            Ժամանակին մարզանքի ուսուցիչ մը ունէի, որ  հետեւեալ թիւերով չափ կու տար մեր  յաղթական քայլերուն՝ մէկ-կու-րեք-չորս-հինգ-վեց-եօթ-ութ-ին-տաս:

            Բայց ահա   մեզմէ ոմանք իսկոյն կը գայթակղին  ի լուր  օրուայ, վաղուայ, երէկուայ ձեւերուն, քանի բարեղրջումը զուգահեռ չ’ընթանար մեր երկու բարբառներուն միջեւ:

                                                                    *   *   *

            Օրին  շատ քննադատուեցան աղջկայ,  կնկայ ձեւերը եւս, քանի որ աշխարհաբարը չունի -այ  հոլովումն ալ, փոխարէնը առաջարկելով աղջկան, կնկան, ինչպէս ունինք բեռ-բեռան, դուռ-դռան,  էրիկ-էրկան,  թոռ-թոռան, լեռ-լեռան եւ այլն:

            Հիմա, ծուռ նստինք եւ շիտակ խօսինք, ինչպէս կ’ըսեն մեր  ջոջերը. ձեր ականջը եւ խիղճը կ’ընդունի՞ն, որ ըսէք՝ աղջկան փէշ կամ կնկան կօշիկ.  պարզապէս բարբարոսութիւն են ասոնք, բարեհնչութեան բոլոր չափերն ու  սահմանները բռնաբարող կառոյցներ, որ չեն կրնար հաստատուիլ հաւաքականութեան մը լեզուական բարքերուն մէջ:  Անշուշտ նախընտրելի պիտի ըլլար կիրարկել այլ ածական մը, օրինակ՝ կանացի փէշ կամ կանացի կօշիկ,  սակայն եթէ պիտի կիրարկուի հոլով մը,  ապա աղջկան-ն ու կնկան-ը մերժելի են:

            Այլ խօսք, որ իրենք՝ այդ հոլովները մերժելի չեն. բոլորովին վայելուչ է ըսել.                   

            --Թղթակիցները մօտեցան  աղջկան եւ  հարցումներ ուղղեցին անոր:

            --Թորոսը  մանեակ մը նուիրած է կնկան տարեդարձին:

            Այս բոլորը կը թելադրեն, որ աղջկայ եւ կնկայ ձեւերը  նկատենք  ածականներ, իբրեւ՝

աղջկային, աղջկական, կանացի... եւ ոչ հոլովաձեւեր:

            Մրցոյթ 115.

          ***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադրես  հետեւեալները.

            ---Ան թելադրեց լիբանանցիներուն գտնել համերաշխ  ապրելու լաւագոյն ձեւը:

          ---Վատ է այն քաղաքականութիւնը, որ կը ջանայ հատուածական բացեր ստեղծել:

            ---Ան կը մեղադրուի նախկին  պերճաղիճը լռեցնելու համար զայն կաշառելու մէջ:

            ---Այս քայլը իրաքցիներուն ծառայութիւն մատուցելու  նախանձախնդրութիւն մըն է:

            ---Իրաքի բանբերը յայտնած է իր երկրին՝ Թրիփոլիի մէջ դեսպանատունը վերաբանալու  փափաքը:

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (7), Գէորգ Եազըճեան(8), Գեղամ Խաչատրեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Ալին Գոճակէօզեան (8),Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (8):

            Մրցոյթ 116.

            ***Ընդգծուած երեք բառերէն ո՞ր մէկը  թոյլատրելի է յոգնակի կիրարկել:

            ---Տիրոջ շնորհ-ով անոնք հեռաւոր-ը կը դարձնեն մերձաւոր:

            ***Լրացուր հետեւեալը.

            ---Ես իրեն պատմեցի իմ ցաւերս, ան ինծի պատմեց .......... :

            ***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.

            ---Ժողովականները հաստատեցին, որ Հըզպալլահ առեւանգած է Լիբանանի որոշումը:

            ---Ան կը հետապնդուի ֆրանսական հողերուն վրայ դրամի լուացումի հարցով:

            ---Անոնք կը գործակցին  մարտիկները ռազմական վարժութեան ենթարկելու իմաստով:

 

Արմենակ Եղիայեան