29 մարտին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքին տեղահանուած արցախցիները եւ անոնց միացած միւս քաղաքացիները պահանջներ ներկայացուցին։ Հանրահաւաքը կազմակերպած էր Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդ նախաձեռնութիւնը։
«Եթէ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքի ներքոյ մենք լքել ենք մեր հայրենիքը, դա չի նշանակում, որ մենք հրաժարուել ենք այնտեղ վերադառնալու մեր իրաւունքից։ Վերադարձի իրաւունքը ինչ որ հեքիաթային պատում չէ, այն իրաւունք է, իրաւունք, որ ամրագրուած է եւ որը պէտք է պաշտպանել եւ առաջ մղել»,- իր ելոյթին մէջ յայտարարեց Արցախի մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
Ստեփանեան ընդգծեց, որ իրենց պայքարը իրաւունքներու պահանջ է, ոչ թէ ընկերային աջակցութեան։ «Եթէ կը լինեն մարդիկ, որոնք կը փորձեն ինչ ինչ սպիտակաւորումներ տալ, թէ իբր սա սոցիալական աջակցութեան պահպանման համար պայքար է, ապա նրանք պարզապէս զուրկ են տարրական բարոյականութիւնից, զուրկ են մարդկային ապրումակցումից»,- ըսաւ ան՝ նշելով, որ բռնի տեղահանուածներուն կեցութեան համար տրուող ընկերային աջակցութիւնը այն պարզ նուազագոյնն է, որ անհրաժեշտ է արցախցիներուն Հայաստանի մէջ պահելու եւ նուազագոյն կարիքները հոգալու համար։
«Մեր գլխաւոր ուղերձը ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններին, ե՛ւ միջազգային բոլոր դերակատարներին՝ ոչ ոք իրաւունք չունի Արցախի ժողովրդի ճակատագրի վերաբերեալ որոշումներ կայացնել առանց մեր կարծիքը հաշուի առնելու»,- ըսաւ Ստեփանեան։
Ան կարեւորեց, որ միջազգային ատեաններուն մէջ կը շարունակուին Ատրպէյճանի դէմ դատական հայցերը, նաեւ՝ Պաքու պահուող հայ պատանդները վերդարձնելու նպատակով։
Ատրպէյճանի մէջ առնուազն 23 հայ պատանդ կայ, անոնց կարգին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնը, որոնց նկատմամբ շինծու դատավարութիւն կ'ընթանայ։
Հանրահաւաքի նախաձեռնողները 12 կէտէ բաղկացած պահանջագիր ներկայացուցին Հայաստանի կառավարութեան։ Պահանջներու կարգին էին՝ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը՝ 2023-ի 17 նոյեմբերի ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման համաձայն. մինչեւ վերադարձի իրաւունքի իրացումը արցախցիներու ընկերային եւ բնակարանային խնդիրներու լուծումը. արցախցիներու խնդրով միջազգային նուիրատուներու համաժողովի կազմակերպումը. Արցախի մշակութային ժառանգութեան եւ մասնաւոր սեփականութեան շահերու հետապնդումը. Արցախի ժողովուրդի վերաբերեալ ներքին պետական եւ արտաքին քաղաքական բոլոր որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ անոր օրինական ներկայացուցիչներու պատշաճ ներգրաւումը եւ այլն։
Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը յայտարարեց, որ պիտի մնայ Ազատութեան հրապարակ եւ երկուշաբթի կէսօրին ասուլիս պիտի տայ։