Պատերազմի զոհերու եւ հաշմանդամութիւն ստացածներուն մեծ մասը երիտասարդներ էին, որոնք ապագային պէտք է ամուսնանային եւ իրենց ընտանիքը կազմէին: Հետեւաբար, այն պիտի ազդէ նաեւ ապագային ամուսնութիւններու թիւին վրայ:
ՀՀ Վիճակագրական կոմիտէի կողմէ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն` 2022 թուականի Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն Հայաստանի մէջ գրանցուած է 5229 ամուսնութիւն, որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 5,6 տոկոսով կամ 308-ով:
Ուշագրաւ է, որ արցախեան վերջին պատերազմին նախորդող շրջանին ամուսնութիւններուն թիւն աւելի շատ եղած է, քան հիմա: Անշուշտ, այս ամէնը կարելի է բացատրել մեր հասարակութեան մէջ ընկերատնտեսական խնդիրներով, բացասական սպասումներով, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան խնդիրներով:
Հարկ է նշել, որ պատերազմի զոհերու եւ հաշմանդամութիւն ստացածներուն մեծ մասը երիտասարդներ էին, որոնք ապագային պէտք է ամուսնանային եւ իրենց ընտանիքը կազմէին: Հետեւաբար, այն պիտի ազդէ նաեւ ապագային ամուսնութիւններու թիւին վրայ:
Մտահոգիչ է, որ ամուսնութիւններու թիւի նուազման պայմաններուն մէջ կ'աւելնան ամուսնալուծութիւնները: Մասնաւորապէս` 2022 թուականի Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն Հայաստանի մէջ գրանցուած է 1492 ամուսնալուծութիւն, որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելի է 15 տոկոսով կամ 195-ով: Այսինքն` կը ստացուի, որ ամէն երրորդ զոյգը կ'ամուսնալուծուի:
Չխորանալով ամուսնութիւններիու նուազման եւ ամունսալուծութիւններու աճի ընկերատնտեսական, արժեհամակարգային եւ կենցաղային պատճառներուն մէջ` պէտք է արձանագրել, որ միաժամանակ այն յանգեցուցած է ժողովրդագրական խնդիրներու սրմանը: Մասնաւորապէս` 2022 թուականի Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն Հայաստանի մէջ ծնած է 10.869 երեխայ, որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 3,5 տոկոսով կամ 390-ով: