Մենք ազդեցութեան ոլորտների տեսանկիւնէ չենք մտածեր, մենք կը մտածենք իւրաքանչիւր պետութեան՝ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու իրաւունքի տեսանկիւնէ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին նշած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին՝ անդրադառնալով հարցին, որ Ատրպէյճանը աշխուժօրէն զէնք կը գնէ Թուրքիայէն, Իսրայէլէն եւ այլ երկիրներէն, մինչդեռ Ալիեւ Ֆրանսան կը մեղադրէ Հայաստանը զինելու եւ Կովկասի տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրացման նպաստելու մէջ, որոշակի շրջանակներ նաեւ տեսակէտ յայտնած են, թէ Եւրոպական Միութիւնը՝ ի դէմս Ֆրանսայի, այսպիսով կ՚ուզէ Հարաւային Կովկասի մէջ թուլացնել Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:
«Եւ այդ, իրականութեան մէջ, ոչ միայն Ֆրանսայի համար մտահոգիչ է: Նախորդ քանի մը տարիներուն Հայաստանի հարեւան պետութիւնը՝ Իրանը, եւս շատ անգամ մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան առումով:
Մենք Իրանի հետ անհամաձայնութիւն ունինք շատ հարցերով, բայց սա այն հարցն է, որ համաձայն ենք: Եւ իրականութեան մէջ ՄԱԿ բոլոր անդամ պետութիւնները պէտք է համաձայնին այս հարցով, որովհետեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ներքոյ` ՄԱԿ-ի բոլոր անդամ երկիրները կը ճանչնան եւ պէտք է աջակցին անդամ միւս երկիրներու ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այդ ընդհանուր պարտաւորութիւն է:
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի յայտնած մտահոգութիւններուն, անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ համագործակցութեան տեսակը, սարքաւորումներու տեսակները, որոնք մենք կը տրամադրենք Հայաստանին, ուղղուած են երկրի պաշտպանութեան, ատոնք զուտ պաշտպանական են: Լաւ օրինակ բերեմ՝ երբ մենք կը խօսինք օդային պաշտպանութեան մասին, եթէ դուն մուտք չգործես Հայաստանի օդային տարածք, երբեք չես բախուիր Հայաստանի օդային պաշտպանութեան, այդ պաշտպանական կարողութիւն է»,-ըսած է դեսպանը:
Անոր խօսքով, Հայաստանի հետ պաշտպանական համագործակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անոր տարածքն ու ժողովուրդը պաշտպանելու մասին է. «Եւ այդ մասին սկիզբէն յստակ նշուած է՝ այն ամէնը, որ մենք կը մատակարարենք՝ զէնք, սարքաւորումներ, վերապատրաստումներ, կը համապատասխանեն այդ նպատակին»: