image

«Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը եւ արդիականացման խնդիրները». Դիտարկում՝ Վիգէն Աբրահամեանէն

«Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը եւ արդիականացման խնդիրները». Դիտարկում՝ Վիգէն Աբրահամեանէն

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ  ուշագրաւ միջոցառում մը, ուր պաշտօնապէս հիմնադրումը յայտարարուեցաւ ՝ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»-ի (International Chamber Of Mines ICMA)։ 

Այդ հանդիսաւոր նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ մեր գանատահայ մեր հայրենակից, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտ՝ Վիգէն Աբրահամեանը։

 «Արեւելք»ի խնդրանքով Աբրահամեան մեր տրամադրութեան տակ դրաւ բացման հանդիսաւոր նիստին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին գլխաւոր կէտերը, ուր  Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ոլորտին մասին շահեկան տեղեկութիւններէ ներկայացնելէ անդին, ան փորձած է այսօրուայ ընդհանուր  պատկերը փոխառնչել  օրուայ մարտահրաւէրներուն հետ, շեշտը դնելով յատկապէս երիտասարդ տարրի ներգրաւման  կարեւորութեան վրայ։

Ստորեւ  «Արեւելք»ի  ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք մեր հայրենակիցի  խօսքին  հիմնական մասերը։

 

Հանքարդիւնաբերութիւնը կը ներառէ բազմաթիւ փուլեր մինչեւ ի վերջոյ, արտադրէ արտադրանք մը, որ կրնայ օգտակար եւ գործածելի դառնալ հասարակութեան, ըլլայ այդ մետաղ, կամ ոչ մետաղ: Հանքավայրէն արդիւնահանուած հանքաքարի վերամշակումի վերջին քայլերը կ'անուանուի «մետաղագործութիւն»:

 

Հայաստան ունի պղինձի եւ մոլիպտենի (արճիճաքար) բաւականին մեծ պաշարներ. երկուքն ալ կը համարուին ռազմավարական մետաղներ կանաչ ուժանիւթի փոխակերպուելու ապագայ պահանջարկին համար, ինչպէս նաեւ երկրին հարստութիւն բերելու եւ աշխատատեղիներ ապահովելու տեսանկիւնէն: Թէեւ մոլիպտենը Հայաստանի մէջ կը վերածուի առեւտրային եւ օգտագործելի ապրանքի, սակայն հարցը նոյնը չէ պղինձին պարագային։ Պղինձը որպէս խտացուած նիւթ կը փոխադրուի վրացական նաւահանգիստ ապա օտար երկիր մշակման համար։ Այս գործողութիւնը բաւական ծախսալից եւ դժուար է, յատկապէս, եթէ հանքերը աւելցնեն իրենց արտադրութիւնը կամ նոր հանքեր սկսին շահագործուիլ Հայաստանի մէջ: Երկրին մէջ մշակումը կը բարձրացնէ վերջնական արտադրանքի արժէքը, կը բանայ նոր աշխատատեղիներ եւ կ'ապահովէ մատակարարման անվտանգութիւն, ինչպէս նաեւ կը բարելաւէ մետաղի հաշուառումը: Ներկայիս Հայաստանի մէջ չկայ վերամշակման կառոյց, հակառակ որ ուսումնասիրութիւնները իրականացուած են հիմնելու նոր կեդրոնական կառոյց մը վերամշակելու բոլոր հանքավայրերու խտացուած նիւթերը: Ցած ջերմաստիճանով վերամշակելու նոր ձեւերը տակաւին չեն հասունցած այն աստիճանի, որ կարենան մրցիլ դասական մշակման հետ, որ կողմնակիօրէն կ'արտադրէ ծծմբական թթուի մեծ ծաւալ: Լուրջ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ այս թթուի գինը ցած է, պահանջը քիչ, կը պահանջէ փոխադրութիւն եւ վաճառք այլ երկիրներ եւ բացասաբար կ'անդրադառնայ տնտեսութեան վրայ։ (Աղբիւրը՝ Հայկական Զարգացման գործակալութիւն 2010):

 

Մենք կ'ապրինք այնպիսի արդիւնաբերական յեղափոխութիւն, որ խիստ ճնշում կը բանեցնէ գիտնականներուն վրայ նոր լուծումներ գտնելու առումով:

 

Անցեալին, հայ հանքագործները կ'ապաւինէին օտար ընկերութիւններու անոնց խորհրդատուութիւնը ստանալու, որպէսզի քանի մը տարին անգամ մը ուսումնասիրութիւններ կատարէին եւ պատասխաններ տային, սակայն այժմ մեր հայրենակիցները անընդհատ պէտք է գնահատեն ճարտարագիտական առաջընթացը: Ճարտարագիտութիւնը, հաւանական է, որ փոխուի գիշերուան մը մէջ: Հետեւաբար քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է անձնակազմ մը ունենալ, որ ունի փորձառութիւն մետաղագործութեան եւ տարրաբանութեան մէջ: Բացի այդ, նաեւ մասնագէտներ, որոնք իմացութիւն ունին մետաղներու շուկաներու եւ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերու առընթեր։

Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարանը (ՀԱՊՀ) 1991 թուականէն ի վեր կը տառապի ֆինանսական հարցերէ, ինչ որ բացասական կ'ազդէ հանքարդիւնաբերութեան ճիւղին վրայ, ուր ուսանողներու յաճախումը քիչ է, հետեւաբար քիչ են այն շրջանաւարտները, որոնք օրինակի համար մասնագէտ են մետաղներու մշակումին մէջ:

 

ICMA-ն («Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»- )  կարեւոր նախաձեռնութիւններ առաջարկած է  այս ոլորտներուն մէջ կենսափորձ ունեցող սփիւռքահայերու  , որոնք մետաղագործութեան մէջ տարիներու փորձառութիւն ունին, աջակցելու ՀԱՊՀ-ին, վերջինիս տրամադրելով վերապատրաստման եւ հետազօտական ծրագիրներ: Ներկայիս կը մշակուի համատեղ նախագիծ Գանատայի հանքարդիւնաբերութեան դպրոցի եւ ՀԱՊՀ-ին միջեւ, որ շուտով  ընթացք պիտի առնէ: 

 

ICMA-ն աւելի քան ուրախ պիտի ըլլար լսելով մետաղագործութեան մէջ փորձառութիւն ունեցող սփիւռքահայ մասնագէտներէ եւ պիտի փափաքէր իր ներդրումը ունենալ:

 

Նիւթը  պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը