Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Դաշքենդի մէջ մասնակցած է «Վալտա» քննարկումներու միջազգային ակումբի եւ Ուզպեքիստանի նախագահին կից Ռազմավարական եւ միջտարածաշրջանային հետազօտութիւններու հիմնարկի կազմակերպած համաժողովին, ուր անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի գործունէութեան ու յառաջիկային նախատեսուող հանդիպումներուն:
«Շփումները կը շարունակուին, գուցէ ոչ այդքան հանրային կերպով, սակայն՝ կան: Մինսքի խմբակի մեր համանախագահը այցելած է Պաքու եւ Երեւան, այնտեղ շարք մը հանդիպումներ կատարած է: «Ներկայ պահին համանախագահներու եռեակը կը նախատեսէ հանդիպում ունենալ Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ծիրին մէջ. հանդիպումներ միմեանց հետ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այդ լաւ նշան պիտ ըլլայ, որ երկու երկիրներու միջեւ կարգաւորման գործընթացը գործնականին մէջ կ'ուրուագծուի: Մենք կը շարունակենք Մինսքի խմբակը դիտարկել որպէս կարեւոր գործիք՝ խաղաղ գործընթացի ուղիով շարժելու համար», ըսած է Ռուտենքօ: