image

«Հայաստան» դաշինքը դէմ է Փաշինեանի հետ որեւէ ձեւի քննարկման

«Հայաստան» դաշինքը դէմ է Փաշինեանի հետ որեւէ ձեւի քննարկման

Երէկ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, հերթական անգամ խուսափելով հարցերիւն յստակ պատասխանելէ, մոլորեցնելով հասարակութիւնը, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը փորձ կատարեց տպաւորութիւն ձեւաւորել, թէ «Հայաստան» դաշինքը պատրաստ է իր հետ փակ քննարկումներու եւ զրոյցներու: Այս մասին ըսուած է «Հայաստան» դաշինքի ֆէյսպուքեան էջով կատարուած յայտարարութեան մէջ:

««Հայաստան» դաշինքը յայտարարում է, որ ՀՀ ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ դրած, Արցախի զգալի մասը դաւադիր պատերազմում թշնամուն յանձնած, թշնամիներին՝ կառուցողական, իսկ սեփական հայրենակիցներին՝ շինծու գործերով կալանաւորումների հրահանգներ տուած, սեւերի ու սպիտակների բաժանած անձնաւորութեան հետ չի կարող լինել որեւէ փակ քննարկում՝ որեւէ ֆորմաթով:

Ի վերջոյ, ցանկանան, թէ՝ ոչ, պէտք է հաշուետու լինեն հանրութեան առջեւ: Եւս մէկ անգամ վերահաստատում ենք, որ մենք մէկ սանթիմեթր անգամ չենք հրաժարուել այս ազգակործան իշխանութիւններին հեռացնելու մեր նպատակից եւ միայն այդ օրակարգով կարող է լինել քննարկում վարչապետի պաշտօնը ժամանակաւորապէս զբաղեցնողի հետ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: