Ե՜ս ալ կ'ուզեմ ազգի զաւակ ըլլալ, ե՜ս ալ կ'ուզեմ ազգ ունենալ, երկի՜ր ունենալ: Որպէսզի, ո՜վ իմ Աստուածիկս, - մի նեղանար իմ սրտմտութեանս համար, տանջուած տղա՜յ եմ, - որպէսզի ե՜ս ալ կշտանամ այն ուրախութիւններով, զորս օտար ազգեր ունին, ե՜ս ալ ոգեւորուիմ այն յոյսերով, զորս հարուստ ժողովուրդները ունին: Ե՜ս ալ կ'ուզեմ «... ամէն բանէ վեր» մը, որովհետեւ կը զգամ պահանջը, ունիմ կարօտը, եւ արժանի եմ:
Տո՜ւր ինձ «...ամէն բանէ վեր» մը, որպէսզի առտուն աղօթքս անով սկսիմ, օտար ազգերու երիտասարդներուն մէջ որբի պէս չըլլա՜մ, խորթ քայլերգներ մրմնջելով սրտիկս չարիւնի՜:
Վերջին ըմբոստութենէ մը առաջ, բոլո՜ր սրբութիւնները դեռ չանարգած, սկիզբին ու վախճանին տակաւին չհայհոյած, անգա՜մ մըն ալ կու գամ քեզի:
Լսէ՜ աղաչանքս, աղօ՜թքը մեր կլորիկ աղջիկներուն եւ ընձիւղ երիտասարդներուն, մեր անուշբերան մամիկներուն եւ հողասէր պապիկներուն, խունկ ծխողին եւ արտ հերկողին՛, լսէ՜, մե՜նք ալ կ'ուզենք երգել «...ամէն բանէ վեր»: Ամպածրար այն լերան կատարէն, ամպրոպին ու փոթորիկին մէջէն, Եհովա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր տող առ տող: Եւ թող մեր ժողովուրդը հետեւի ձայնիդ, բոցի պէս ժայթքի երգը թոքերէն ցնծութեամբ եւ արցունքով, դղրդագին ու ահեղ, կիրքերը դադրած, կարգապա՜հ ու սիրալիր. ե՜րգը, տէ՜ր, մեր երգը, տո՜ւր, որ երգենք մեր երգը.
Հայաստա՜ն, ամէ՜ն բանէ վեր...:
Շաւարշ Նարդունի
(«Գրական Ցոլքեր» )