image

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը տօնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ Վիրապէն ելքը

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը տօնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ Վիրապէն ելքը

Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրապէն ելքի տօնը։ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցին տարուան մէջ երեք անգամ կը նշէ Հայոց ազգի լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը. անոր մուտն ի Վիրապն, ելն ի Վիրապ եւ նշխարաց գիւտը։

301-էն հայ ժողովուրդը առաջինը ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն եւ այդ սրբանուէր գործին մէջ առաջնակարգ դեր կատարեցին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Տրդատ Գ. թագաւորը: Այս մասին գրած է Qahana.am-ը։

Հայ պատմագրութիւնը՝ յանձինս Ագաթանգեղոսի եւ այլ պատմիչներու հանգամանօրէն կը լուսաբանէ այդ տառապանքներով, բայց եւ հրաշքներով, տեսիլքներով ու յաղթութիւններով զարդարուած ուղին:

Ըստ աւանդութեան, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն դառնալու իրողութիւնը սերտօրէն կը կապուի Սուրբ Հռիփսիմեանց 37 կոյսերու նահատակութեան հետ: Վերջիններս, Հռոմի Տիոկղետիանոս կայսրի հալածանքներէն փախչելով, ապաստան կը գտնեն Վաղարշապատ մայրաքաղաքին կից՝ հնձաններուն մէջ: