Թուրքիոյ Հաթայ քաղաքին մէջ նշուած է Սուրբ Պետրոսի տօնը: Այս մասին լուր կը փոխանցէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տեղի հայկական եկեղեցիին մէջ հնչած են հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով շարականներ եւ հոգեւոր երգեր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ սոյն արարողութիւնը կը կատարուի 1986 թուականէն ի վեր՝ տեղի Անտիոքի կաթողիկէ համայնքի պատասխանատու Քոյր Պարպարա Քալասրըի նախաձեռնութեամբ: