Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քիչ առաջ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լիբանանեան ԶԼՄ-ներէն։
Հարիրի մասնաւորապէս ըսաւ, որ այս փուլին ինք եւ իր ղեկավարած խումբը՝ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը, այս փուլին հեռու պիտի մնան Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմէն։
Ան կոչ ուղեց իր համակիրներուն եւ կուսակիցներուն չմասնակցիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութեանց, նշելով նաեւ, որ ինք նոյնպէս իր թեկնածուութիւնը պիտի չդնէ։
Հարիրի խօսելով իր քաղաքական գործունէութեան մասին նշեց, որ ինք շնորհիւ բազում զոհողութիւններու կարողացաւ Լիբանանը հեռու պահել քաղաքացիական նոր պատերազմէ, սակայն չկարողացաւ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն պարգեւել տնտեսապէս բարւոք եւ բարօր կեանք մը։
Ան մանրամասնելով իր առած որոշումին հիմնական պատճառները նշեց, որ Լիբանանի մէջ իրանեան դերը, երկրին մէջ առկայ պառակտումը եւ պետական մարմիններու փտտած իրականութիւնը հիմնական պատճառներն են, որ զինք մղեցին այս ծանրակշիռ քայլն առնելու։