image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի կապակցութեամբ Փութին օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարեց

ՀԱՊԿ-ի  կապակցութեամբ Փութին օրէնսդրական  փոփոխութիւններ կատարեց

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պետտումայի վաւերացման ներկայացուցած է ՀԱՊԿ խաղաղապահ գործունէութեան մասին համաձայնագրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին արձանագրութիւնը, որ «համակարգող պետութիւն» հասկացութեան ներդրում կը նախատեսէ:

«Արձանագրութիւնը կը ներդնէ «համակարգող պետութիւն» հասկացութիւնը եւ կը նախատեսուի որ անոր հովանիին ներքոյ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան հաւաքական խաղաղապահ ուժեր կը ստեղծուին` ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ կիրառման համար», կ'ըսուի բացատրական գրառման մէջ:

Արձանագրութիւնը ստորագրուած է 2021 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին Տուշանպէի մէջ: