Հակառակ դժուարին պայմաններուն, Հալէպի հայկական միութիւնները կը շարունակեն մեծ ջանքեր գործադրել ոտքի պահելու համար դժուարին ժամանակներէ անցնող հայկական գաղութը։
Ուշագրաւն այն է, որ, ի հեճուկս ամէն տեսակի խնդիրներուն, համայնքային միութիւններ շատ սերտ համագորղակցութեան մէջ են իրար հետ եւ այդ առումով ալ համագործակցութեան հիմնական «տինամոն»ն կը կազմէ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, գլխաւորութեամբ կարող առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեանին։
Այդ առումով ալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Շրջանային Վարչութիւնը այցելութիւն մը տուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին։
Լուրը՝ համադրաբար՝ «Արեւելք»-ի։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։
Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի Վարչութիւնը այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարչութեան անդամները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով եւ առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեցին անոր։ Վարչութեան ատենապետ եղբ. բժշկ. Արամ Աւետիսեան անդրադարձաւ միութեան սկաուտական եւ մարզական յառաջիկայ գործունէութիւններուն եւ յատկապէս մարզական կեանքէն ներս ձեռք բերած յառաջխաղացքին։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, գնահատեց միութեան պատասխանատուները՝ իրենց կատարած մարդուժի պատրաստութեան յոյժ կարեւոր գործունէութեան համար եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով մաղթեց, որ յաջողութեամբ յառաջ տանին իրենց վստահուած առաքելութիւնը։