Հալէպի ելեքդրական ցանցերը վերանորոգներու խմբակի մը անդամներ վիրաւորուած են ահաբեկիչներու տեղադրած ականի պայթումին հետեւանքով: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Հալէպի մասին լուրեր տարածող ընկերային ցանցի էջ մը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած են 3 պաշտօնեաներ:
Յիշեցնենք, որ հակառակ Հալէպի ապահովական վիճակի կայունացման, մինչեւ այս պահը քաղաքին մէջ ջուրի ելեքդրականութեան տագնապը կը շարունակուին: