image

Գոքինիոյ մէջ. Յունաստանի Կապոյտ Խաչի նուիրեալներու յիշատակին՝ հոգեհանգիստ

Գոքինիոյ մէջ.  Յունաստանի Կապոյտ  Խաչի  նուիրեալներու յիշատակին՝ հոգեհանգիստ

Գոքինիոյ մէջ  հանդիսապետութեամբ Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին տեղի ունեցած է հոգեհանգիստ Յունաստանի Կապոյտ  Խաչի  նուիրեալներու յիշատակին։

Այս  մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Աթէնք հրապարակուող  «Ազատ օր»էն, որ  մասնաւորապէս կը գրէ ՝ 

Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը, Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն  կատարեց Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներու, բարերարներու, կրթական մշակներու եւ միութեան վեթերան ընկերուհիներու յիշատակին, յարգելով բոլորին ազգանուէր եւ գիտակից գործունէութիւնը: Ներկայ էին բոլոր վարչութիւններու անդամները, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ուսուցիչները, միութեան բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը։ Ներկայ էին նաեւ յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամներ եւ միութենական ներկայացուցիչներ։

Օրուան պատարագիչն էր Թեսաղոնիկէի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ քառաձայն՝ դպրաց դասուն կողմէ։ Ս. Պատարագի աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայ Կապոյտ Խաչի ազգանուէր գործունէութեան, վեր առնելով միութեան անդամներու եւ կրթական մշակներու ծառայութիւնը։ Սրբազանը յայտնեց, որ օրուան հոգեհանգստեան կարգը սոսկ արարողութիւն մը չէ որ պարտադրաբար կը կատարուի, այլ յիշեցում մըն է անցեալին մեծ վաստակ եւ ծառայութիւն թողած անդամներու եւ մշակներու ազնիւ մատուցումին, որոնց շնորհիւ գաղութի կրթական, խնամատարական եւ ընկերային կեանքը մնաց կանգուն։ Այսօրուան նուաճումները, հայակրթութեան յարատեւումը, Հ.Կ.Խաչի անուան շուրջ ստեղծուած պատկառանքը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անշահախնդիր եւ նուիրական ծառայութեան մը արդիւնքը, որուն հաւատարմօրէն կառչած մնաց ծառայողներու այն փաղանգը, որ յատկանշեց կանանց մեծ միութեան առաքելութիւնը։

Յաջորդաբար, Սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը։

Ապա՝ յաջորդեց հոգեսուրճ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Հոն եւս, Սրբազան հայրը անգամ մը եւս խօսք ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, վեր առաւ Հ.Կ.Խաչի վսեմ նպատակները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին ներկայացուց Թեսաղոնիկէի նոր հոգեւոր հովիւը, որ քանի մը օրէն պիտի ստանձնէ իր պարտականութիւնները տեղւոյն համայնքէն ներս։ Իր կարգին, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան խօսք առնելով իր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին վարչութեան կոչին եւ իրենց ներկայութեամբ յարգեցին անցեալի ծառայողներու յիշատակը։ Ան եւս, միութեան անունով բարի յաջողութիւն մաղթեց նոր հոգեւոր հովիւին։