image

Ղազախստանի ներկայացուցիչը՝ Անթիլիասի հիւր

Ղազախստանի ներկայացուցիչը՝ Անթիլիասի հիւր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝ 

Հինգշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ղազախիստանի պետութեան ներկայացուցիչը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։

Հանդիպման նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Ղազախիստան այցելելու եւ միջազգային միջ-կրօնական համագումարի մասնակցելու գծով:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: