image

Գերտէրութիւններու միջեւ անվստահութեան մակարդակը հասած է գագաթնակէտին. Կութերեշ

Գերտէրութիւններու միջեւ անվստահութեան մակարդակը հասած է գագաթնակէտին. Կութերեշ

Համաշխարհային հանրութիւնը կը բախի դաժան հակամարտութիւններու, իսկ գերտրրութիւններու միջեւ անվստահութեան մակարդակը հասած է գագաթնակէտին: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը ՝ ելոյթ ունենալով  Գլխաւոր վեհաժողլովին առջեւ:

«Մենք եւս մէկ տարի սկսած ենք համաշխարհային համավարակի ճիրաններուն մէջ։ «Քովիտ»ը կը շարունակէ տնօրինել կեանքը, ծրագրերն ու յոյսերը: Անորոշութիւնն ալ աւելի մեծցած է: Մինչդեռ կ'աճի անհաւասարութիւնը եւ գնաճը: Մենք կը բախինք քաղաքական դաժան հակամարտութիւններու: Գերտէրութիւններու միջեւ անվստահութեան մակարդակը հասած է գագաթնակէտին», ըսած է Կութերեշ:

Գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ 1945-էն ի վեր աշխարհի մէջ այժմ տեղի կ'ունենան ամենամեծ թիւով դաժան հակամարտութիւններ:

«Միջուկային սպառազինութիւններու պաշարներու թիւը կը գերազանցէ 13 հազարը, այդ մէկը տասնամեակի ընթացքին ամենաբարձր մակարդակն է», նշած է Կութերեշ: