image
Հրատապ լուրեր:

Գանատա. Նուիրեալ ՀՕՄ-ուհի Ժոժո Պետրոսեանի կորուստը

Գանատա. Նուիրեալ ՀՕՄ-ուհի Ժոժո Պետրոսեանի կորուստը

Օրերս Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գաղութի սիրուած անդամներէն, ՀՕՄ-ի նուիրեալ հայուհի՝ Ժոժո Պետրոսեանը։

Տխուր լուրը «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ ՀՕՄ-ի Գանատայի մարմնին կողմէ տրուած մահագրութիւնը՝ 

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով կը գուժէ մահը, իր նախկին վարչական վաստակաւոր անդամ ընկերուհի Ժոժո Պետրոսեանի:

Այս տխուր առիթով Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկերուհիին զաւակներուն եւ հարազատներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: