Սիսիի խօսքով Եգիպտոսի պետութեան իրատեսական եւ գործնական քայլերու ու մօտեցումներուն ճամբով, կը դրսեւորուին եւ կեանքի կը կոչուին մարդկային արժէքները՝ խաղաղութիւնը, սէրը, անխտրականութիւնը, նաեւ բազմակարծութիւնն ու մշակոյթի ազատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ պայքար կը տարուի մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ: Նախագահը շեշտած է, որ այս եղած է միշտ եգիպտական պետութեան ռազմավարական ուղղութիւնը:
Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին «Իթթիհատիա» պալատին մէջ ընդունած է Մերձաւոր Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը։
Նշենք, որ կրօնապետերը ժամանած էին Գահիրէ մասնակցելու համար Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին, որ տեղի կ'ունենայ Գահիրէի մէջ, ներկայութեամբ՝ ղըպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաուատրոս Պատրիարքին:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Եգիպտոսի Հայ դատի դիմատետրեան էջէն:
Աղբիւրը վկայակոչելով Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնական խօսնակը, նշած է, որ նախագահը ողջունած է մասնակիցները եւ ուրախութիւն յայտնած, որ խորհուրդի հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1968-ին, առաջին անգամն է, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի կ'ունենայ համաժողովը, ընդգծելով, որ բոլոր արաբական երկիրներու քրիստոնեայ եղբայրները կը կազմեն արաբական հասարակութեան կառուցուածքի անբաժանելի մասը:
Նախագահ Սիսին նաեւ ընդգծած է, որ քաղաքացիութիւնը եւ իրաւունքներու հաւասարութիւնը անսասան արժէքներ են, որոնք ամրացուած Եգիպտոսի պետութեան կողմէ որդեգրուած ազգային սահմանադրութեան մէջ։
Սիսիի խօսքով Եգիպտոսի պետութեան իրատեսական եւ գործնական քայլերու ու մօտեցումներուն ճամբով, կը դրսեւորուին եւ կեանքի կը կոչուին մարդկային արժէքները՝ խաղաղութիւնը, սէրը, անխտրականութիւնը, նաեւ բազմակարծութիւնն ու մշակոյթի ազատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ պայքար կը տարուի մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ: Նախագահը շեշտած է, որ այս եղած է միշտ եգիպտական պետութեան ռազմավարական ուղղութիւնը:
Իրենց հերթին, մասնակիցները ուրախութիւն յայտնած են, Եգիպտոս այցին առընթեր, ինչպէս նաեւ պատիւը ունեցած հանդիպելու նախագահին հետ, վեր առնելով Եգիպտոսի ունեցած կարեւոր ներդրումը մարդկութեան պատմութեան եւ խաղաղութիւն հաստատելու ձգտումին մէջ: Անոնք նաեւ անդրադարձած են Եգիպտոսի ունեցած եւ ունենալիք կեդրոնական դերի կարեւորութեան, բարձր գնահատելով նախագահին տարած այն ջանքերը, կարգաւորելու տարածաշրջանին մէջ ծառացած հրատապ եւ բարդ խնդիրները, որոնք մարդկային մեծ տառապանք կը պատճառեն:
Կրօնապետները շեշտած են իրենց աջակցութիւնը Եգիպտոսին եւ անոր մղած պայքարին ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական մօտեցումներուն, նեցուկ ցոյց տալով Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացման, շինարարութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն:
Ըստ աղբիւրին՝ նախագահական մամլոյ խօսնակը նշած է նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Եգիպտոսի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի յարաբերութիւններու ամրապնդման զանազան կողմերը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի երկխօսութեան ու քաղաքացիութեան աջակցելու, եւ ծայրայեղականութիւնը մերժելու ջանքերուն տարածաշրջանի տարբեր երկիրներուն մէջ:
Նախագահը անդրադարձած է Եգիպտոսի մէջ կատարուած հնագիտական վերանորոգութիւններուն, որոնց կարգին են՝ եզակի ձեռագիրներով եւ սրբապատկերներով յագեցած բազմաթիւ պատմական քրիստոնէական յուշարձաններ, վայրեր եւ եկեղեցիներ: