image

Գահիրէի մէջ. Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի անձնական ներկայացուցիչը այցելեց՝ ՀՀ Դեսպանատուն

 Գահիրէի մէջ. Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի անձնական ներկայացուցիչը այցելեց՝ ՀՀ Դեսպանատուն

Օրերս ՀՀ Անկախութեան օրուայ առիթով Եգիպտոսի ՀՀ դեսպանութիւն այցելեց Եգիպտոսի  Նախագահ՝ Սիսիի անձնական ներկայացուցիչը: 

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Եգիպտոսի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

18 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուայ առիթով Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն այցելեց ԵԱՀ նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի անձնական ներկայացուցիչ Ապտըլ Ազիզ Ալ Շերիֆ, որ դեսպան Հրաչեա Փօլատեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Եգիպտոսի նախագահին ջերմագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ նշելով, որ Եգիպտոսի համար Հայաստան բարեկամ երկիր է, որու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը պաշտօնական Գահիրէն մեծապէս կը կարեւորէ` յատկապէս երկու երկիրներու ղեկավարներուն երկուստեք տեղի ունեցած պաշտօնական այցելութիւններուն ծիրին մէջ։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային գործընթացներուն` Եգիպտոսի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը վերահաստատած է, որ իր երկիրը կողմնակից է խնդիրներու խաղաղ կարգավորման` յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային խաղաղութիւն կը հաստատուի ամբողջ Հարաւային Կովկասին մէջ։