Ֆրանսան պէտք է գիտնայ, որ Ատրպէյճանի դէմ «իր արշաւը», «անպարկեշտ» յայտարարութիւններն ու «սադրանքները» անպատասխան պիտի չմնայ. այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այհան Հաճիզատէն՝ պատասխանելով տեղական լրատուամիջոցներու հարցին, թէ ինչու ֆրանսական կողմն Ատրպէյճանը «բռնապետութիւն» անուանած է։
«Ֆրանսական կողմը ոչ միայն ներողութիւն չէ խնդրած նման անպատասխանատու եւ անընդունելի յայտարարութիւններու համար, այլեւ աւելի ընդլայնած է Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւը Le Point-ի եւ ֆրանսական այլ նմանատիպ լրատուամիջոցներու մէջ։
Ֆրանսական կողմը պէտք է գիտնայ, որ Ատրպէյճանի դէմ իր արշաւը, անպարկեշտ յայտարարութիւններն ու սադրանքները անպատասխան պիտի չմնան»,- աւելցուցած է ան։