Վատիկան- Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեանի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ Հռոմի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը յղած է, որուն մէջ կը յայտնէ իր մեծ ուրախութիւնը եւ նորընտիր Պատրիարք Հօր կը շնորհած «եկեղեցական հարղորդութիւնը» խնդրուած նոյնինքն Գրիգոր –Պետրոս Ի. էն։ «Ձեր Պատրիարքի ընտրութիւնը կու գայ ժամանակի մը մէջ, ուր ձեր Եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ ու նոր մարտահրաւէրներ» կը գրէ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով այն դժուար պայմաններուն, որուն մէջ կ'ապրին ներկայիս Միջին Արեւելքի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները։ Բայց եւ այնպէս, կը գրէ միշտ Քահանայապետը, լուսաւորուած Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքի լոյսով, աշխարհի մեր տեսութիւնը յոյսով եւ ողորմութեամբ լի է, որովհետեւ վստահ ենք որ Յիսուսի Խաչը ծառն է կենսատու։Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա կը նշէ թէ ինք համոզուած է որ, Ձեր Գերերջանկութիւնը, սիւնհոդոսական Հայրերու միութեամբ եւ Ս. Հոգւոյ օգնութեամբ, կարող պիտի ըլլաք «Աւետարանական իմաստութեամբ», «Հայր եւ Գլուխ» ու Բարի Հովիւը ըլլալ` Աստուծոյ ժողովուրդի այն մասնիկին, որ ձեզի յանձնուեցաւ, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի,` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին ։