image

«Եթէ վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը կրկին կ'ապրէի նոյնութեամբ». Շարլ Ազնաւուր

«Եթէ վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը կրկին կ'ապրէի նոյնութեամբ». Շարլ Ազնաւուր

Իմ ճանապարհը դիւրին ու հանգիստ չէ եղած: Շատ դառնութիւններ ճաշակած եմ այդ ճանապարհին՝ երեսիս փակուած դռներ, հեգնանքով ու արհամարհանքով լի ժպիտներ, կատակի տակ քողարկուած չարախօսութիւններ. «Մի՛ յամառիք», «Ոչինչ չունինք ձեզի համար», «Թողէք ձեր հասցէն, կը գրենք», «Ամէն պատահական մարդու վրայ ժամանակ չունինք կորսնցնելու»… Այս եւ նման այլ արտայայտութիւններ: Ես ճաշակած եմ այդ բոլորը:

Շատերու նման կուլ տուած եմ թուքս, զսպած արցունքներս:

Շատերու նման մտածած եմ, որ գուցէ աւելի լաւ կ'ըլլայ ոչինչ ըսելը:

Շատերու նման զայրոյթէն պոռթկացած եմ երբեմն, կոպտած եմ, կոպտած են զիս:

Կասկածն ու յուսահատութիւնը, չհասկցուած ըլլալու ու բախտ չունենալու զգացողութիւնը յաճախ յոգնեցուցած են զիս: Բայց ցաւս թաքցուցած եմ, քաշուած եմ պատեանիս մէջ եւ ուժ հաւաքած դիմանալու, պաշտպանուելու համար:

Քաղցը, ցուրտը, յոգնածութիւնը, զսպուած արցունքը իմ ճանապարհի անբաժան ընկերները եղած են:

Կանայք, որոնց միշտ ամէն ինչէն վեր դասած եմ, սիրած են զիս, խաբած, պաշտած, լքած: Բայց հեռանալէ առաջ երջանկութեան պատրանքներ տուած են:

Ուստի, ես իմ անձս ո՛չ զոհ կը համարեմ, ո՛չ ալ սուրբ: Յաճախ ես նոյնը փոխհատուցած եմ անոնց, քանի որ ես ալ, միւսներու նման, մարդ եմ: Ես ալ իմ հերթին, յաճախ անոնց արցունքներու մէջ թողած եմ: Գնահատել չիմանալով սէրը՝ վազած եմ վաղանցիկ սէրերու ետեւէ:

Խաբած եմ, նախքան կը խաբէին զիս, այսպիսով խաբած եմ իմ անձս… Ի՜նչ ընենք, այդ է կեանքը, այդ է սէրը…

Բայց այս մասին չէ, որ կ'ուզեմ խօսիլ, ու պատճառը այն չէ, հաւատացէք ինծի, որ կ'ուզեմ թաքցնել կեանքիս մութ անկիւնները, ո՛չ: Ես պարզապէս չեմ ուզեր, որ դուք ալ մասնակից դառնաք իմ յոյզերուն ու տխրութիւններուն: Յաջողութեան հասած մարդը պէտք չէ իր անցած ծանր օրերու սրտաճմլիկ նկարագրութիւնը ընէ:

Անչափ շնորհակալ եմ Աստծոյ, որ զիս անցուց այդ բոլոր փորձութիւններէ, երազելու եւ այդ երազը ապրելու հնարաւորութիւն տուաւ:

Ի վերջոյ, դժուար կեանքս ու խաբուած սէրերս են, որ զիս դարձուցին այն, ինչ կամ, ու կը համարձակիմ ըսելու, թող սա ինքնագովութիւն չթուի, ես կ'ուզէի ըլլալ:

Եթէ վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը կրկին կ'ապրէի նոյնութեամբ: