ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին վերաբերեալ, ուր քննարկուած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
«Այսօր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգները մանրամասնեց Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող ռուսական սպառնալիքին բնոյթը», յայտնած է Պայտըն` շարունակելով․ «Եւ մենք միջազգային հանրութեան բացատրած ենք այդ սպառնալիքի բոլոր հետեւանքները` ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ ժամանակակից միջազգային կարգի հիմնական սկզբունքներուն համար»:
«Եթէ Ռուսաստանը անկեղծօրէն հաւատարիմ է երկու կողմերու անվտանգութեան հարցերը երկխօսութեան միջոցով լուծելուն, ապա Միացեալ Նահանգները եւ մեր դաշնակիցներն ու գործընկերները կը շարունակեն բարեխղճօրէն համագործակցիլ: Եթէ անոր փոխարէն Ռուսաստանը որոշէ հրաժարիլ դիւանագիտութենէն եւ յարձակիլ Ուքրանիոյ վրայ, ան պատասխանատուութիւն պիտի կրէ եւ պիտի բախի արագ եւ ծանր հետեւանքներու», զգուշացուցած է ԱՄՆ-ի նախագահը: