image
Հրատապ լուրեր:

«Ես Ալեն Սիմոնեանի հետ գործ չունեմ».Ի՞նչ ըսած են Կիպրահայ գործիչները Զարեհ Սինանեանին (Տեսանիւթ)

«Ես Ալեն Սիմոնեանի  հետ գործ չունեմ».Ի՞նչ ըսած են Կիպրահայ գործիչները Զարեհ Սինանեանին (Տեսանիւթ)

   ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար ՝Զարեհ Սինանեանի    դէմ  սփիւռքեան  շրջանակներու բողոքի    գործողութիւնները կը շարունակուին։ Նմանօրինակ  պատահար մը  գրանցուած է այսօր՝ Կիպրոսի մէջ։ 

 

Կիպրոսի ՀՅԴ պատասխանատուներ՝  Յակոբ Գազանճեանն ու Սիմոն Այնէճեանը Կիպրոսի մէջ մօտեցած են  ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին։ Վերջինս անոնց հրաւիրած է նստելու եւ զրուցելու, սակայն ՀՅԴ–ականներն ըսած են, որ զրուցելու չեն եկած։

Զարեհ Սինանեանը նախ անոնց մեղադրած է շոու ընելու մէջ, սակայն  Դաշնակցական  գործիչները անոր յանձնած են Արցախի դրօշը եւ ըսած, որ այն փակցնէ իր պատին։

Ի պատասխան Զարեհ Սինանեանն ըսած է․«Արցախի դրօշն իմ սեղանին միշտ դրուած է, ձեր յայտարարութեան մէջ, ներեցէք, անամօթ ստեր կան, որ ես Արցախի դէմ եմ պայքարում, դուք երեւի չգիտէք, թէ ես ով եմ»։

Դիտարկման, թէ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն, Զարեհ Սինանեանն արձագանգած է․«Ես Ալեն Սիմոնեանի հետ գործ չունեմ, ես տեղեակ չեմ, թէ ինչ է ասել»։

Աւելի  մանրամասն՝ տեսանիւթին մէջ։