Երուսաղէմի մէժջ օրերս տօնախմբուած է Մեր Տէրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան տօնը։
Այս առթիւ Երուսաղէմի քոյր համայնքներու առաջնորդներ այցելած է Հայոց Պատրիարքարան եւ շնորհաւորութիւններ յայտնած Ամեն. Տ. Նուրհան արք.ին։
Այս մասին կը կարդանք «Հայ երուսաղէմն այսօր» դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Յունուարի 20-ին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելեցին Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնը` քուստոսի գլխաւորութեամբ, Երուսաղէմի Լատին պատրիարք Ամեն. Տ. Պիերբատիստա արք. Պիցաբալլան, Ղպտոց, Ասորւոց եւ Եթովպացիների արքեպիսկոպոսները եւ քրիստոնէական միւս յարանուանութեանց Հոգեւոր պետերը՝ շնորհաւորելու Երուսաղէմի հայ պատրիարքին եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեանը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօներու կապակցութեամբ: