Երուսաղէմի Հայոց Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի որոշմամբ՝ Սուրբ աթոռի կալուածքներու տեսուչ նշանակուած է Պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը, յայտնած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը իր դիմատետրեան էջին։
«Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Պարետ Ծ. Վարդապետ Երէցեան ազատուած է Սուրբ Աթոռոյս Կալուածոց տեսչի պաշտօնէն:
Սուրբ Աթոռոյս Կալուածոց նոր տեսուչ նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն Վարդապետ Բաղդասարեան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։