Թուրքիան աւարտած է Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան յայտի վաւերացման գործընթացը։ Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հաւանութիւն տուած է խորհրդարանի որոշման։
«Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հաստատած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Շուէտի անդամութեան որոշումը, որ ընդունած էր Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովը։ Էրտողանը ստորագրած է նախագահական հրամանը ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան վերաբերեալ եւ հաստատած համապատասխան արձանագրութիւնը»,-ըսուած է նախագահականի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
ՆԱԹՕ-ին Շուէտի Թագաւորութեան միանալու արձանագրութեան վաւերացումը հաստատող օրէնքը հրապարակուած է Պաշտօնական տեղեկագրին մէջ։ Օրէնքն ուժի մէջ կը մտնէ Պաշտօնական տեղեկագրին մէջ հրապարակուելէն ետք։