image

«Էրտողան դուն վախկոտ ես». Քլըչտարօղլու կրակ բացաւ Էրտողանի ուղղութեամբ

«Էրտողան դուն վախկոտ ես». Քլըչտարօղլու կրակ բացաւ Էրտողանի ուղղութեամբ

Էրտողան, դուն ահաբեկիչներու հովանաւորն ես։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է քեմալական Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ, Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախագահի թեկնածու Քեմալ Քլըչտարօղլու։

«Քանի որ դուն ապացոյց կ'ուզես, ես մարտահրաւէր կը նետեմ քեզի: Հանդիպիր հետս քու սեփական հեռուստատեսութեամբ՝ TRT-ով, այսօր երեկոյեան, վաղը կամ շաբաթ օր: Ես կ'ապացուցեմ բոլորին, որ դուն ահաբեկիչներու հետ համագործակցող վախկոտ ես»,- գրած է ընդդիմադիր գործիչը։