Օրերս ուրախ մթնոլորտի մէջ բնիկ հալէպահայ Ճապաղջուրեան եւ Տեկիրմենճեան ընտանիքներու շրջանակը ականատես եղած է գեղեցիկ առիթի մը։ Նժդեհը եւ Արփին իրենց սրտերը միացնելով ու կանգնելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին առջեւ որոշած են կերտել հայկական աւանդութիւններու վրայ հիմնուած ընտանիք։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ նորապսակներու պարագաներէն։
Նշենք, որ Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի Նորք Մարաշ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, խաչեղբայրութեամբ Տիար Սարգիս Ճապաղջուրեանի եւ Տիկին Բալիկ Ճապաղջուրեան Խշուաճեանի։
Այս առթիւ «Արեւելք» իր մաղթանքները կը միացնէ նորապսակ զոյգին, հաւատալով ու ակնկալելով, որ ուրախ լուրերը եւ տոհմական ընտանիքներու կազմութեան ազդերը աւելի գերակշռող կ՚ըլլան, մեր ժողովուրդին համար այնքան դժուարին ու ծանր այս օրերուն։