Տան վարձավճարները բարձրացած են ոչ միայն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, այլեւ մարզերուն մէջ։ Արցախէն տեղահանուած Անի Համբարձումեանի ընտանիքը մէկ տարի առաջ Նորագաւիթի մէջ վարձակալած տունէն դուրս եկած էր վարձի թանկացման պատճառով ու տեղափոխուած Մասիս քաղաք, ուր համեմատաբար աւելի աժան գինով բնակարան վարձած էր, սակայն վարձակալութեան գիները այստեղ ալ աճած են: NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Անին պատմած է, որ Հոկտեմբեր ամսէն սկսեալ բնակարանի համար 50 հազարի փոխարէն 70 հազար դրամ պիտի վճարէ, բայց տունէն դուրս պիտի չգան քանի որ բաւարար պայմաններով բնակարաններու գիները շատ աւելի բարձր են Մասիսի մէջ։
Անիի ընտանիքը Հայաստան տեղափոխուած է 44–օրեայ պատերազմի ժամանակ։ Սկիզբը կացարանի մէջ ապրած են, յետոյ արդէն Նորագաւիթի մէջ 90 հազար դրամով տուն վարձակալած, որու գինը որոշ ժամանակ անց 120 հազար դրամ դարձած է։
«Տանտէրը սկզբում ասել էր, թէ խնդիր չի, որ մեր հետ երեք անչափահաս երեխայ կայ, բայց յետոյ սկսեց դժգոհել, իսկ ձմռանն էլ տան գինը բարձրացրեց 30 հազար դրամով։ Մենք էլ չյարմարուեցինք էդ գնի մէջ ու ստիպուած դուրս եկանք։ Երբ սկսեցինք տուն փնտռել, հասկացանք, որ բարդ է նորմալ պայմաններով եւ նորմալ գնով տուն գտնելը։ Երբ լսում էին, որ մեր հետ երեխայ կայ, գինը բարձրացնում էին, դեպոզիտ էին պարտադիր պահանջում»,–
Անին ամուսնոյն եւ երեք անչափահաս երեխաներուն հետ կ'ապրի երկու սենեականոց փոքր բնակարանի մէջ։ Յարմարութիւններէն չի դժգոհիր ան, միայն թէ տան մէջ կազամատակարարում չկայ։ Երեք անչափահաս երեխայի հետ Անին չի կրնար աշխատիլ։ Երեխաներու խնամքի հարցով մայրը անոր յաճախ կ'օգնէ, բայց մայրն ալ առողջական խնդիրներ ունի, չի կրնար ամէն օր Երեւանէն Մասիս գալ։
Անին հրուշակագործ է, բայց չի կրնար պատուէրներ ընդունիլ, որովհետեւ վարձակալած տան մէջ համապատասխան յարմարութիւն չունի։
Երեւան տեղափոխուելու միտք անոնց ընտանիքը չունի, մայրաքաղաքին մէջ իրենց գրպանի պարունակութեան յարմար տուն գտնելը անհնար է։
Անին Արցախէն տեղահանուածներուն հասանելիք ընկերային ջակցութենէն չի կրնար օգտուիլ, որովհետեւ մինչեւ պատերազմը մի քանի ամիս Վրաստան եղած էր, իսկ մօրը հասած 10 միլիոն դրամը, որով պէտք է բնակարան գնեն, ըստ անոր՝ չի բաւականացներ նոյնիսկ Մասիսի մէջ տուն գնելուն։