image

Երեւակայութեան Եւ Իրականութեան Խաչմերուկին՝ Իւթոփիա Եւ Հակաիւթոփիա

Երեւակայութեան Եւ Իրականութեան Խաչմերուկին՝ Իւթոփիա Եւ Հակաիւթոփիա

Պատմութեան ուղղութիւն տուող ու կերտող գլխաւոր դերակատարն է մարդ արարածը, որ իր իղձերով, յոյսերով, նաեւ սխալներով եւ թերութիւններով կը ձգտի աշխարհը իրեն յարմարցնել եւ ա՛լ աւելի հանգիստ ու գեղեցիկ դարձնել: Այս ձեւով է, որ մարդկային յոյսերը, վեհ գաղափարներն ու իտէալները կ՚ուրուագծեն քաղաքակրթութեան դարաւոր ուղին:

Դարեր շարունակ մարդիկ որոնած են միջոցներ՝ իտէալ ու կատարեալ հասարակութիւն մը կառուցելու, նաեւ արդար ու հաւասար աշխարհ մը ստեղծելու համար։ Իտէալին հասնելու ձգտող բազմաթիւ միջոցներէն մին կը համարուի գրականութեամբ տարածում գտած իւթոփիա գաղափարը, որ կը լուսաւորէ ապագայ հասարակութեան կառուցման եւ կանոնակարգման ճանապարհը, ինչ որ մարդուն կը սորվեցնէ նորի ընկալման եւ հաստատման համար փափաքիլ լաւագոյնը եւ ձգտիլ անոր։

Իւթոփիան գրականութեան մէջ գաղափար մը, իտէալ մըն է, որ կը նկարագրէ՝ հեղինակի տեսանկիւնէն կատարեալ հասարակութեան համակարգ մը: Իւթոփիա բառը առաջին անգամ օգտագործուած է անգլիացի մտածող, գրող, քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ Թոմաս Մորի կողմէ։ Իր ստեղծագործութիւնը ան կոչած է նաեւ «Իւթոփիա», ուր նկարագրած է իր պատկերացումով հասարակարգ մը՝ հիմնուած հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքներու հիման վրայ։

Իւթոփիայի նկարագրուած նախագիծերուն յաճախ ի յայտ կու գան ընկերային յառաջընթացի մասին մարդու յոյսերն ու ակնկալութիւնները, սակայն սխալներու կամ թերութիւններու հետեւանքով աստիճանաբար այդ յոյսը կ՚անհետանայ, հասարակարգը կը քանդուի եւ իւթոփիան կը վերածուի հակաիւթոփիայի, որ իրականութեան մէջ իւթոփիայի տրամաբանական զարգացումն է։ Բայց եւ այնպէս, իւթոփիան կեդրոնացած է նկարագրուած հասարակական կառուցուածքի դրական երեսակներու վրայ, իսկ հակաիւթոփիան կը ձգտի յայտնաբերել անոր բացասական երեսակները:

Կարծէք իրարու կապուած են այս երկու աշխարհները՝ հակաիւթոփիան եւ իւթոփիան, որոնք ճանապարհի մը վրայ կը հանդիպին, կը հերքեն զիրար, բայց ապագային կրկին զուգահեռուելով՝ կը բարձրաձայնեն հասարակաց խնդիրները, որոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Կարելի է ըսել, որ հակաիւթոփիան ընկերային իրականութեան ախտորոշման միջոց մըն է, որովհետեւ հասարակութեան մէջ ծագած խնդիրները կը բխին ներկայի թերութիւններէն։ Եթէ իւթոփիան մարդը կը մղէ երեւակայել իրականութեան սահմաններէն դուրս, որպէսզի ստեղծէ նորը, ապա հակաիւթոփիան ցոյց կու տայ անոր տագնապներով լի վիճակը: Եթէ իւթոփիան երազանքի դրսեւորումն է, ապա հակաիւթոփիան մղձաւանջի, որ կը մատնէ յուսահատութեան՝ մարդը մղելով ընդհանրապէս չերազելու, քանի որ իր բաղձանքները կրնան սարսափելի հետեւանքներ ունենալ:

Արեւմտեան փիլիսոփայութիւնը կը բնորոշէր յոյսը՝ մարդու արդար աշխարհ մը ստեղծելու, իտէալ հասարակութիւն մը կառուցելու մասին, սակայն 20-րդ դարէն սկսեալ այսօրինակ տրամադրութիւնները վերացան եւ սկսան ա՛լ աւելի խոր տեսանկիւնով ընկալել աշխարհը՝ ականատես դառնալով անոր բացասական իրադարձութիւններուն, որոնք նաեւ «նոր» մարդու ձեւաւորման, անոր կերպարի եւ բնոյթի փոփոխութեան պատճառ դարձան։ Այդ իրադարձութիւնները կը քննարկուին հակաիւթոփիաներու մէջ, որոնց նպատակն է պայքարիլ մեքենայացած հասարակութեան եւ մարդկային արժէքներու անհետացման դէմ։ Հակաիւթոփիաներ ստեղծելով հեղինակներ կը բարձրաձայնեն հարցեր, որոնք կը վերաբերին ինչպէս կառավարութիւններու, վարչակարգերու, տնտեսութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ հասարակութեան խորքային խնդիրներուն եւ անոնց մէջ մարդու դերին: Հակաիւթոփիայի մէջ պատկերուած կերպարներու միջոցով հեղինակներ կը ներկայացնեն պատկերուած հասարակութեան անդամ մարդու հոգեվիճակը, զգացումներն ու ապրելակերպը: Այստեղ կ՚արծարծուին մեքենայացած հասարակութեան, «անհատ»ի ոչնչացման եւ ազատութեան ոտնահարման հիմնախնդիրները՝ ի տարբերութիւն իւթոփիայի, ուր կան հասարակութիւններու ներդաշնակ եւ խաղաղ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը: Իրենց ստեղծագործութիւններու միջոցով հեղինակներ հակաիւթոփիայի մարդու կերպարը կը նկարագրեն այնպէս, թէ մարդը աստիճանաբար կը մոռնայ մարդկային արժէքները։ Այս իրավիճակի պատճառը այն է, որ մարդը կը գտնուի այնպիսի հսկողութեան մը ներքեւ, ուր շրջապատուած է իր անձը ստորադասող «մեծ եղբայր»ներու կողմէ։

Արդ, հակաիւթոփիան ներկայ իրականութեան եւ հաւանական խնդիրներու արտացոլացումը եւ ձեւով մը համադրումն է հեղինակի ապրած ժամանակաշրջանի պայմաններու, երեւակայութեան եւ մտածելակերպի։

Պիանքա Սարըասլան

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս