Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Եգիպտոսը կը մասնակցի ՀԲԸՄ-ի "Discover Armenia" ծրագիրին։
15-էն 18 տարեկան 8 երիտասարդներ Ուրբաթ 28 Յուլիս 2023, հասան Երեւան, հոնկէ ալ` Հանքաւան, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած երիտասարդներու հետ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վերոյիշեալ ծրագիրին 16-օրեայ յայտագիրներուն:
"Discover Armenia" ծրագիրին այս մասնակցութիւնը հովանաւորած է ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովը: