Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակին մէջ կը ծրագրեն բանակցութիւններ վարել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
«Ներկայիս երեք համանախագահները կը ծրագրեն հանդիպիլ Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ծիրին մէջ: Եթէ այդ տեղի ունենայ, լաւ նշան պիտի ըլլայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը գործնական տեսք ստացած է: Մենք կը շարունակենք դիտարկել Մինսքի խմբակը որպէս խաղաղ գործընթացը առաջ մղելու կարեւոր գործիք», ըսած է ան։