image

Դժգոհ ե՞ն Մալաթիայէն

Դժգոհ ե՞ն Մալաթիայէն

Օրերս Մալաթիոյ մէջ շուրջ հարիւր տարուան լռութենէ ետք ղօղանջեցին Սուրբ Երրորդութիւն  եկեղեցւոյ զանգերը։

Արարողութեան ներկայ եղաւ Պոլսոյ Հայոց  Սահակ Բ.  Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու եւ տեղի թրքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։ 

 Եղելութիւնը, որպէս պատմական  առիթ   անշուշտ որ ողջունելի էր,  սակայն   եղան  հայրենակիցներ, որոնք տարբեր անկիւններէ դիտարկեցին եղածը եւ առ  այդ  ուզեցին  իրենց  մտահոգութիւնը  կիսել  հանրութեան հետ։ 

Այդ մտահոգութիւններէն է բնիկ Պոլսահայ Գէորգ Յակոբեանի (Ակոբեան) կողմէ հնչած  մտահոգութիւնը որ կը ներկայացնենք ստորեւ, նաեւ  շեշտադրելով,  որ «Արեւելք» ոչ անպայման  կը բաժնէ հոն տեղ  գտած  մտքերն ու գաղափարները, այլ զայն  կը հրապարակենք  յարգելու համար  կարծիքի եւ խօսքի ազատութիւնը, յոյս ունենալով, որ   թեման    լայն հասարակութեան կողմէ  քննարկման լուրջ  առիթ կը հանդիսանայ։

Յակոբեան մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Սրտցաւ եղելութիւն մը   թրքահայութեան  կեանքին մէջ

Այսօր Մալաթիոյ երբեմնի Հայոց Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին որ 100 տարիէ աւելի իբրեւ կմախք գոյութիւն ունէր, պետութեան կողմէ նորոգուեցաւ ու բացումը կատարուեցաւ երկու նպատակներու համար: Մին իբրեւ թէ «հայոց Եկեղեցի», երկրորդը «Թրքական Մշակութային Կեդրոն», ինչպէս արձանագրուած է եկեղեցւոյ ճակտին վրայ: Այո. այո, սխալ մի հասկնաք սիրելիներ, կատակ չեմ ընէր, այսպէս ալ ծանուցուած է մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: Չմոռնամ ըսելու թէ տեղացի ժողովուրդը այս եկեղէցին «Taş Horan» կանուանէն փոխանակ «Üç Horan»ի, այսինքն Երեք Խորան-Երրորդութիւն: Արդ, քանի որ Եկեղեցի է, պէտք էր օծում կատարուէր, այս ալ կատարուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի կրծկազարդ «պարծանք»՛ «գահակալ»ին կողմէ որ արդէն խորաններ շինուեցան, վարագոյր եւայլն ամէն կարգ ու սարք պատրաստ է: Միայն քանի որ «իբրեւ թէ» եկեղեցի է, եւ ունի այլ նպատակ, ու այդ նպատակի համար անյարմար է գմփեթի վրայ խաչի գոյութիւնը, այս նկատումով խաչը զանց առնուեցաւ: Բայց վաղը՛ Կիրակի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, երգեցողութիւնները կատարելու համար Պոլիսէ Ս. Լուսաւորիչ երգչախումբն ալ հրաւիրուած է: Ամէն բան կատարեալ: Այս պատկերը պիտի սփռուի Թուրքիոյ հեռատեսիլներու կողմէ, փոքրամասնութիւններու հանդէպ ցոյց տրուած անսահման բարիացակամութեան կամ երկրի ժողովրդավարութեան իբրեւ նշան: Անշուշտ բացառիկ բացումին Հայ հոգեւորականներու կողքին իբրեւ «տանտէր» հրաւիրուած են պետական կամ տեղացի աւագանին, որոնց ներկայութեամբ հնչած է Թուրքիոյ պետական քայլերգը, ծածանուելով երկրին դրօշը: Այլ նպատակի այսինքն «Թուրք Մշակութային Կեդրոն»ի գործունէութեան մասին պիտի արտայայտուինք, տեսնելով թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ նոյն շէնքի մէջ երկու նպատակ իրագործել որոնք կը հակասեն իրարու: