Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութիւններու մասին հաղորդագրութիւններու առնչութեամբ։
«Մտահոգուած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով։ Կոչ կ՚ընենք երկու կողմերուն ձեռնպահ մնալու ուժի կիրառումէն։ Երկխօսութիւնը յարատեւ խաղաղութեան միակ ճանապարհն է»,- X-ի իր էջին գրած է Պուրիչը։