Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը՝ դատաւոր նախագահութեան, բաւարարած է ԱԱԾ քննիչին ներկայացուցած միջնորդութիւնը զէնքի մատակարարմամբ զբաղող գործարար Դաւիթ Գալստեանին (Փաթրոն Դաւիթ) երկու ամիսով կալանաւորելու վերաբերեալ:
Անոր պաշտպան փաստաբանը՝ Արմէն Յարութիւնեան յայտնեց, որ կալանապորման որոշումը անհիմն կը համարեն եւ զայն պիտի բողոքարկեն Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Հայաստանին զէնք մատակարարող «Փաթրոն Դաւօ» անունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը կը մեղադրուին պետութենէն շուրջ 2 միլիառ դրամ յափշտակելու, կեղծիքներ ու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու մեջ։
Դատարանին որոշմամբ երկու ամիսով կալանաւորուած է նաեւ Դաւիթ Տօնոյեանը: