Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինն ըսած է, որ Չինաստանի ամբողջական վերամիաւորումն անխուսափելի միտում է, ընդգծելով, որ սա ամենաբարձր ազգային շահն է եւ այն է, ինչ կ՚ուզէ չինացի ժողովուրդը։
«Մենք վճռականօրէն պիտի ընդդիմանանք իւրաքանչիւրին, որ կը փորձէ որեւէ կերպ անջատել Թայուանը Չինաստանէն», - ընդգծած է Սին։
Չինաստանի զարգացումը կ՚ամրապնդէ խաղաղութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ըսած է Սի Ծինփինը՝ ընդգծելով, որ անկախ զարգացման որ փուլին ալ հասնի Չինաստանը, այն երբեք չի ձգտիր գերիշխանութեան եւ չի զբաղուիր ծաւալապաշտականութեամբ։