image

Չինացիք սկսան իրանեան նաւթ ստանալ

Չինացիք սկսան իրանեան նաւթ ստանալ

Չինաստանը յայտարարեց իրանեան հում նաւթի իր առաջին ներմուծման մասին մէկ տարուայ ընթացքին՝ հակառակ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ սահմանուած շարունակական պատժամիջոցներուն:

Չինաստանի մաքսային գլխաւոր վարչութեան կողմէ հրապարակուած տուեալները ցոյց տուած են, որ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին ներմուծուած է աւելի քան 260,000 թոն իրանեան հում նաւթ: Պարզ չէ վերջին բեռերը բերած ընկերութիւններուն ինքնութիւնը եւ այն նաւահանգիստը, ուր այն բեռնաթափուած է:

Քանի մը օր առաջ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին հաստատած է, որ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ յառաջիկայ 25 տարուան մէջ համապարփակ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելը, որպէս աշխարհի մէջ երկրորդ մեծ տնտեսութիւն, ռազմավարական յաջողութիւն կը համարուի Թեհրանի համար:

Յատկանշական է, որ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ համապարփակ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆի եւ անոր չինացի գործընկեր Վան Ինի կողմէ, 27 Մարտ 2021-ին, Թեհրանի մէջ։