image

Բողոքի արարքները կը շարունակուին. Զոհրապեան՝ բերման ենթարկուած

Բողոքի արարքները կը շարունակուին. Զոհրապեան՝ բերման ենթարկուած

«Ազատագրական շարժում» նախաձեռնութեան անդամները այսօր կրկին Երեւանի մէջ փողոցներ փակած էին` պահանջելով բացահայտել այն փաստաթուղթը, որ հնարաւոր է ստորագրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ: Ոստիկանները բերման ենթարկած են շարժումին 6 մասնակիցներ, այդ շարքին՝ «Զարթօնք» կուսակցութեան ղեկավար, փաստաբան, Ազատագրական շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ Արա Զոհրապեանը։ 

Ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ քաղաքայինները բերման ենթարկուած են «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ» օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի հիմքով՝ ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը։