image
Հրատապ լուրեր:

Բերման ենթարկուած է նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը

Բերման ենթարկուած է նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը

Ոստիկանները բերման ենթարկած են Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը, որ կը մասնակցէր 21 Սեպտեմբերի համերգը չեղեալ համարելու պահանջով բողոքի հաւաքին:

Աւելի վաղ «Արեւելք» անդրադարձած էր, թէ 18 Սեպտեմբերին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակի վրայ քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ անհնազանդութեան բողոք իրականացուցին` պահանջելով չեղեալ համարել 21 Սեպտեմբերի համերգը: Ոստիկանները պատ կազմեցին եւ չթոյլատրեցին, որ քաղաքացիները քայլերթ իրականացնեն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Ոստիկաններու եւ քաղաքացիներու միջեւ բախում տեղի ունեցաւ եւ ոստիկանները բռնի ուժ կիրառելով բերման ենթարկեցին մէկ տասնեակէն աւելի քաղաքացիներ: