image

Բանաւոր արտայայտութեան եւ բառապաշարի աշխատանոց՝ Գանատայի մէջ

Բանաւոր արտայայտութեան եւ բառապաշարի աշխատանոց՝ Գանատայի մէջ

Համազգայինի Գանատայի շրջանի «Լեւոն Շանթ հայագիտական դասընթացք»ի ծիրէն ներս, օրերս, կազմակերպուած է բանաւոր արտայայտութեան եւ բառապաշարի աշխատանոց մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Համազգայինի Գանատայի շրջանի «Լեւոն Շանթ հայագիտական դասընթացք»ի ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ բանաւոր արտայայտութեան եւ բառապաշարի աշխատանոց մը։ Առաջին բաժինը կազմեցին ուսանողական երկու ելոյթներ։ Պետրոս Թեմիզեան ներկայացուց լիբանանահայ յայտնի գրականագէտ-գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Աղքատներուն աւանդութիւնը» գործէն «Օղակներ» պատմուածքը, անդրադառնալով ուշագրաւ դիպուածներու։

Շանթալ Մանուկեան ներկայացուց մեր խմբագրապետը՝ 99ամեայ Ռ. Հատտէճեանը, անոր կենսագրութիւնը, գրական վաստակը եւ խմբագրապետութեան տարիները։

Դասապահի երկրորդ բաժնի մէջ ուսանողները փոխանակեցին իրենց հանդիպած հետաքրքրական բառերը։ (Այս լուրը ամբողջական պատճէնով պիտի հրատարակենք Երկուշաբթիի ներքին էջերուն մէջ)։