image
Հրատապ լուրեր:

Պախմուտը պիտի անցնի ռուսերու ձեռքը

Պախմուտը պիտի անցնի ռուսերու ձեռքը

Ընդամէնը քանի մը օր կամ նոյնիսկ ժամեր անց ուքրանական Պախմուտ քաղաքը պիտի գրաւուի եւ յայտնուի ռուսական ուժերու լիակատար վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին գրած է գերմանական Bild թերթը։

«Աւելի քան ութ ամիս կատաղի մարտերէ ետք նախապէս 70,000 բնակչութիւն ունեցող Պախմուտ քաղաքի ամբողջական գրաւման մնացած են հաշուած օրեր կամ նոյնիսկ ժամեր»,- գրած է Bild թերթը՝ աւելցնելով, որ «Պախմուտն այժմ 99 տոկոսով ռուսերու ձեռքն է»:

Նշուած է, որ Ուքրանիոյ հսկողութեան տակ կը մնայ քաղաքի արեւմտեան մասի ծայրամասային փողոցի միայն վերջին կողմը։ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը կը վերահսկեն 20 տուն։ Պարբերականը նշած է, որ Պախմուտի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ծրագիրը փոխուած է։ Եթէ նախապէս քաղաքը պահելու խնդիր կար, ապա հիմա այլ է։

«Նպատակը բացառապէս Պախմուտէն դէպի արեւմուտք ռուսերու յառաջխաղացման յետաձգումն է»,-ըսուած է հրապարակման մէջ։

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Պախմուտը անառիկ ամրոց է։ 

Պախմուտի ուղղութեամբ որոշիչ դեր կը խաղան ռուսական «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան գրոհային ջոկատները։

Պախմուտը կը գտնուի ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան՝ Քիեւի կողմէ վերահսկուող մասին մէջ: Քաղաքը կարեւոր փոխադրային հանգոյց է Տոնպասի մէջ ուքրանական զօրքերու խումբին մատակարարելու համար։