image

«Ազդակ»ի խմբագրական. Կարս 2-ի պարտադրանքի նախադրեալները եւ հայկական դիրքորոշման անհրաժեշտութիւնը

«Ազդակ»ի խմբագրական. Կարս 2-ի պարտադրանքի նախադրեալները եւ հայկական դիրքորոշման անհրաժեշտութիւնը

Կարսի պայմանագրի 100-ամեակի սեմին ենք արդէն: Հայ քաղաքական միտքը պայմանագիրին պատմաիրաւական հիմքերը, բովանդակութիւնն ու այդ բոլորին այժմէականացումը կը կատարէ անպայման:

Պարզ է, որ պայմանագիրը պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ կայացած համաձայնութեան կարեւորագոյն դրսեւորումն է` Հարաւային Կովկասի վրայ տարածուող: Համաձայնութիւնն ու աշխարհագրական տարածքի իրողութիւնը կը հաստատեն արդէն խնդիրին այժմէականութիւնը` պայմանաւորուածութիւններով նոր իրավիճակներ ստեղծելու:

Կարսի դաշնագիրին քննարկումը շղթայի մը կարեւորագոյն օղակի կարգավիճակի իրականութիւնը կը յուշէ: Անվաւեր հռչակուելու բոլոր իրաւադրոյթները կ՛ամփոփեն թէ՛ Ալեքսանդրապոլի, թէ՛ Կարսի եւ թէ՛ զայն նախորդած Մոսկուայի դաշնագիրները: Երեքն ալ կը վերաբերին տարածքային հարցերու, սահմանազատման եւ սահմանագծման, երեքն ալ արդիւնք են` ռուս-թրքական համաձայնութիւններու:

Եթէ Ալեքսանդրապոլը հայկական կողմէն ստորագրած է իշխանութիւնը արդէն յանձնած ղեկավարութիւնը, որ բնականաբար իրաւասութիւն չունէր սահմաններու առնչութեամբ պայմանագիր ստորագրելու, ապա Մոսկուան ստորագրած է քաղաքական միաւոր մը, որ այսօր գոյութիւն չունի: Որքան ալ նկատի առնուի, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը Խորհրդային Միութեան իրաւաժառանգորդն է, ապա այս պարագային անվաւերականութիւնը կը հիմնուի միութեան մը երբեմնի տարածքին տարանջատուածութեան վրայ: Այսինքն սահմաններու փոփոխուած ըլլալու իրականութեան վրայ:

Կարսը, որ Մոսկուայի հետեւողականութիւնը կ՛ենթադրէ, ուրեմն իբրեւ հիմ չունի վաւերականութիւն: Չունի իրաւականութիւն նաեւ ուժի եւ սպառնալիքի կիրարկման տեսակէտէն. կամ` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վաւերացուած չըլլալու իրողութեամբ:

Կան բազմաթիւ փաստեր, որ թրքական կողմը չէ յարգած իր ստորագրած համաձայնագիրին կէտերը. այս պարագային սակայն այդ բոլորը երկրորդական են:

Խնդիրը պայմանագիրը անօրինական նկատելու հրամայականին վրայ կը կեդրոնանայ: Իսկ եզրաբանութիւնը կարեւոր է այս պարագային: «Չեղարկել»-ը հարցի էութեան համապատասխան բառեզր չէ: Հաւանաբար նոյնիսկ «առ ոչինչ» յայտարարելը իրաւական առումով այս պարագային թիրախային չէ: Պարզ այն պատճառով, որ չեղարկելը կամ առ ոչինչ յայտարարելը օրինականօրէն կայացած համաձայնութեան մը կրնան վերաբերիլ. մինչդեռ ի սկզբանէ զայն անվաւեր կամ անօրինական նկատելը աւելի կը նպաստէ հայկական կողմի մօտեցումին:

Ուշագրաւ է, որ Անգարան թէ՛ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ընթացքին, թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարբեր առիթներով իր յայտարարած նախապայմանային քաղաքականութեան մէջ յղում չի կատարեր Կարսի պայմանագիրին: Բոլոր առիթներուն սակայն ըստ էութեան Կարսի պայմանագիրի վերահաստատումն է կամ վերահամաձայնութիւնն է, որ կը պահանջէ, երբ կը խօսի տարածքային ամբողջականութիւններու երկկողմ պայմանաւորուածութեան նախապայմանին մասին:

Իրաւականօրէն կայ ուրեմն խոցելի բաժին. եթէ Կարսը իրաւականօրէն ուժի մէջ ըլլար, այդ պարագային ինչո՞ւ նման նախապայման պիտի արծարծէր Անգարան` նոր պայմանագիրով տարածքներն ու սահմանները փոխճանաչելու:

Օրին կար աճապարանք Մոսկուան Կարսով վերահաստատելու եւ երկկողմ պայմանաւորուածութեան վերածելու թէկուզ` 3+2 ձեւաչափով (Հարաւային Կովկասի Հանրապետութիւններ+Մոսկուա+Անգարա): Հիմա կայ աճապարանք նոյեմբերի 9-ի ստորագրութենէն ետք մէկ կողմէ  սահմանազատման-սահմանագծման գործընթաց սկսելու, միւս կողմէ` տարածքային ամբողջականութիւններ փոխճանաչելու:

Կարս 2 պարտադրելու տարածաշրջանային օրակարգը վերաթարմացած է: 3+2 ձեւաչափը վերածուած է 3+3-ի, իսկ Լենինն ու Աթաթիւրքը` Փութինի եւ Էրտողանի:

Հայկական կողմը կանգնած է բանակցային նոր ռազմավարութեան որդեգրման հրամայականին առջեւ: