Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին կոչով դիմած է իր ժողովուրդին.
«Իրանի վսեմ ժողովուրդ,
Սիոնիստական ռեժիմն այսօր առաւօտեան իր կեղտոտ եւ արիւնոտ ձեռքը երկարեց մեր սիրելի երկրի դէմ նոր յանցագործութեամբ՝ առաւել քան երբեւէ բացայայտելով իր չար էութիւնը եւ թիրախ դարձնելով բնակելի կեդրոնները։
Ռեժիմը պէտք է սպասէ խիստ պատիժի։
ԻԻՀ Զինուած ուժերու հզօր ձեռքը, Աստծոյ կամքով, անոր հանգիստ պիտի չտայ։
Թշնամիի յարձակումներու հետեւանքով շարք մը հրամանատարներ եւ գիտնականներ նահատակուած են։ Անոնց փոխարինողներն ու գործընկերները, անյապաղ անցած են իրենց պարտականութիւններու կատարման։
Սիոնիստական ռեժիմը այս յանցագործութեամբ իր համար պատրաստեց դառն եւ ցաւալի ճակատագիր, որ հաստատ պիտի ստանայ»:
Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է Իրանի միջուկային կառոյցները հարուածելու մասին։ Իրանեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Թեհրանի արեւելքը գտնուող Նարմաք թաղամասին մէջ Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով զոհուած է 5 խաղաղ բնակիչ, վիրաւորուած է՝ 20-ը։