image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի Գերագոյն Շտաբի պետը երկրորդ անգամ ըլլալով այցելած է Հայաստանի հետ սահմանային դիրքեր

Ատրպէյճանի Գերագոյն Շտաբի պետը երկրորդ անգամ ըլլալով այցելած է Հայաստանի հետ սահմանային դիրքեր

Ատրպէյճանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Քերիմ Վելիեւ այցելեց Քարվաճարի եւ Բերձորի շրջաններու կարգ մը զօրամասերը եւ ստուգեց ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստուածութիւնը: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով այդ մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:

Ըստ այդ hրապարակումներուն՝ Վելիեւ յանձնարարականներ տուաւ, մասնաւորապէս՝ «ժամանակին եւ վճռականօրէն կասեցնելու որեւէ սադրանք»:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող զօրամասերը հրամանատար Վելիեւ այցելած էր նաեւ 17 Յունուարին: