Հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն՝ Ատրպէյճանի ահաբեկչական բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը՝ օգտագործելով Պոլոնեզ եւ Սմերչ համակարգեր: Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Ատրպէյճանի խոշոր քաղաքներուն մէջ մշտական տեղակայուած զինուորական խոշոր կառոյցները այսուհետ դարձան պաշտպանութեան բանակի թիրախները: Ատրպէյճանի բնակչութեան կոչ կ'ընեմ արագ լքելու այդ քաղաքները՝ հնարաւոր կորուստներէն խուսափելու համար:
Այս ամէնուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- ըսուած է ԱՀ նախագահի յայտարարութեան մէջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել