Մայիս 27-ի վաղ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին, ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու զինծառայողներու կողմէ շրջափակուած եւ գերեվարուած է ՀՀ ԶՈՒ վեց զինծառայող։
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ գերեվարուած զինծառայողները վերադարձնելու ուղղութեամբ։